(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 3 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը
իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն։Հանդիպումին
ընթացքին, Սրբազան Հայրը ծիրանաւորին արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու
դատին հայող` երանացումի հետեւեալ հրամանագիրերը ընդունելով. - Աստուծոյ ծառայ Օսքար
Արնոլֆօ Րոմէրօ Կալտամէզի մարտիրոսութիւնը։ Սան Սալվատորի առաջնորդ` Օսքար Արնոլֆօ
Րոմէրօ, ծնած է Սան Սալվատոր, 15 օգոստոս 1917ին, եւ նահատակուած է 24 մարտ 1980ին, մինչ՝
կը մատուցէր Սուրբ Պատարագի զոհը։ - Աստուծոյ ծառաներ` Միքէլէ Թոմասզէք, եւՍպիկնէօ
Սթրզալքովսքի մարտիրոսութիւնը։ Անոնք եղած են անդամներ՝ Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան,
եւ նահատակուած են իրենց հաւատքը չուրանալու պատճառաւ։ - Աստուծոյ ծառայ Ալէսսանտրօ
Տօրտիի մարտիրոսութիւնը։ Ան Փէրույի մէջ եղած է թեմական քահանայ եւ քրիստոնէական հաւատքին
համար սպաննուած է 25 օգոստոս 1991ին։ Նորին Սրբութիւնը ընդունած է նաեւ Աստուծոյ
ծառայ Ճովաննի Պաչիլէյի մարտիրոսական առաքինութիւնները։Ան ծնած է Իտալիա 12 օգոստոս եւ
վախճանած է 20 օգոստոս 1941ին։